Երկու այծ

Երկու այծեր՝ կ՚ուզէին անցնիլ գետակէ մը. բայց կամուրջը այնքան նեղ էր՝ որ հազիւ մէկը միայն կրնար անցնիլ:

Պէտք էր մէկը կամ միւսը ետ քաշուէր ու ճամբայ տար: Բայց երկու այծերուն մայրիկները սորվեցուցած չէին իրենց ձագերուն՝ թէ պէտք էին ազնիւ ըլլալ, տեղի տալ, մանաւանդ տկարներուն:

-Ճամբայ տուր ինծի, ըսաւ առաջին այծը:

-Ե՞ս ճամբայ տամ, դո՛ւն ետ գնա, ըսաւ երկրորդ այծը:

-Ինչո՛ւ ես պիտի երթամ եղեր, դո՛ւն քաշուէ:

-Ո՛չ, նախ ես հասայ կեդրոնը:

-Ես աւելի մեծ եմ, ինծի պատիւ պիտի ընես:

Երկուքէն ոչ մեկը ուզեց տեղի տալ. երկուքն ալ կոտոշները ցցեցին ու յարձակեցան իրարու վրայ:

Կռիւը երկար չտեւեց. այնքան ուժգին զարնուեցան իրարու, որ երկարու, որ երուաքն ալ գլորեցան գետակին մէջ:

Տեղի տալը շատ անգամ ազնուութիւն եւ խելացիութիւն է:

Առիիծը եւ մկնիկը

  • Կ՚աղաչեմ, զիս մի՛ ուտեր, կ՚ըսէր մկնիկը առիւծին, եւ այնպես կը դողար, որ առիւծին ծիծաղը շարժեց:

Հետաքրքիր մկնիկը ելել էր խաղալու. տեսեր էր առիւծը՝ որ կը քնանար: Համարձակեր էր մոտենալու, խաղալու, վրան ելլելու: Բայց առիւծին քիթին առջեւէն անցած ատեն, առիւծը փռնգտացեր ու արթընցեր էր: Մկնիկը ժամանակ չէր ունեցած փախչելու, եւ հիմա ա՜յնքան վախցեր էր, ա՜յնքան կը դողար, որ պոչիկն անգամ կը թրթռար:

-Դեռ շատ փոքրիկ ես, լաւ, կը թողում քեզ: Գնա՛, արեւդ վայլէ, ըսաւ առիւծը մկնիկին:

Մկնիկը շնորհակալ եղաւ ու փախաւ:

Ժամանակ վերջ, անտառին մէջ հնչեց սոսկալի մռնչիւն մը:

-Ո՝հ, ասիկա առիւծին ձայնն է, ըսաւ մկնիկը, երթամ տեսնեմ:

Իսկապէս առիւծն էր, բայց այս անգամ ազատ չէր: Չար որսորդներ ուռկանով բռներ էին զինքը, եւ առիւծը կատաղութենէն կ՚ոռնար:

  • Քիչ մը համբերէ, ըսաւ մկնիկը առիւծին, հիմա կը դառնամ:

Վազեց ընկերներու քով, պատմեց պատահածը, եւ ահա մուկերու բանակ մը վազեց հասաւ հոն՝ ուր կը գտնուէր կապուած առիւծը

Անմիջապէս գործի անցան. Սկսան կրծել ուռկանին չուանները: Յաջողեցան փրցնել ու խոշոր ծակ մը բացուեցաւ:

Առիւծը ելաւ, ճանչցաւ մկնիկը՝ որ ըսաւ:

  • Դուն իմ կեանքիս խնայեցիր, անոր համար ամէնքս եկանք քեզ ազատելու:

Մուկերու ժողովը

Օր մը քաղաքացի ու գյիւղացի բոլոր մուկերը ժողովի նըստան, մտածելու համար թե ի՞նչպէս կրնան ազատիլ կատուին ճանկերէն, որովհետեւ կամաց կամաց զիրենք կ՚ուտէր, եւ որ մը աշխարհիս վրայ բնաւ մուկ պիտի չմնար:

Ամէնէն ծեր մուկը ըսաւ.

  • Ես կարծեմ թէ այս չար կատուին վիզէն պէտք է բոժոժ մը կախել, որպէսզի հեռուէն իմանանք անոր ձայնը ու փախչինք: Կը տեսնէք որ ըսածս շատ խելացի է և այս կերպով միայն կըրնանք ազատիլ:

Բոլոր մուկերը ըսին.

  • Շատ լաւ է, շատ խելացի է մեր ծերուկին ըսածը:

Եւ սկսան որոշել՝ թե ո՛վ պիտի կախէր բոժոժը չար կատուին վիզէն:

Ամէնքը լռեցին:

Մէկը ըսաւ.

-Իմ ոտքս վիրաւոր է, չեմ կրնար քայլել:

-Իմ աչքս հեռուն չի տեսներ, ըսաւ ուրիշ մը:

-Ես շատ վախկոտ եմ, ըսաւ երրորդ մը:

-Կատուն իմ հոտս հեռուէն կ՚առնէ, ըսաւ չորրորդ մը:

Իսկ ամէնէն խելացի մուկը ոտքի ելլելով ըսաւ.

-Ընկերներ, ես յանձն կ՚առնեմ կախել, եթե ուրիշ մը կատուին ականջներուն մէջ բամպակ թխէ, որպէսզի իմ քալելս չիմանայ:

Եւ որովհետեւ կատուին ականջներուն մէջ բամպակ թխող քաջ մուկ մը չգտնուեցաւ, մուկերու ժողովը ցրուեցաւ, եւ կատուն մինչեւ այսօր առանց  բոժոժի մնաց: Վախկոտ մարդիկ միայն խոսիլ գիտեն, բայց երբ քաջութիւն ընելու ատենը գայ՝ ամէնքը կփախչին:

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրատարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով